20 յունուար, շաբաթ երեկոյ Ֆրանսայի Նիս քաղաքի պատմական թաղի «Ֆրանսիս Կակ» թատերասրահին մէջ, դերասանուհի Պէրթա Կիւվէնի կողմէ բեմադրուեցաւ «Մարմարա» թերթի խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանի «Մահը ա՞յս է արդեօք» անուն թատերախաղը։
«Մարմարա»-ի ընթերցողներուն ծանօթ է, որ Պէրթա Կիւվէնի անունը։ Ան հիմնադիրն է Նիս քաղաքի ԱԶԱԹ (Ազնիւ Զարեհ Արշակեան Թատրոն) թատերախումբին, որ մեր մայրէնի լեզուով թատերախաղեր կը բեմադրէ։
Պր. Հատտեճեանի թատերախաղը մենախօսական թատերակ մըն է, որ յաջողութեամբ բեմադրուեցաւ Պէրթա Կիւվէնի կողմէ։ Օգնական դերակատարներն էին Արման Սէֆյաեան, Ալիոնա Եուսուֆեան, Զարեհ Մարտիրոսեան, Յակոբ Էօքսիւզօղլու, Զատ Շամի, Ալեքսանդր Մինճի, Արեգ Պաշար։
Թատերախաղին պատմութիւնը կ'անցնի 1980 ական թուականներու Պոլսոյ մէջ։ Արաքսի Ադամեան իր միակ որդին՝ Արթիւրը կը ղրկէ Միացեալ Նահանգներ, որպէսզի աւելի լաւ ապագայ մը ունենայ, յուսալով, որ ինքն ալ կարճ ժամանակուայ մէջ պիտի կարենայ իրեն միանալ։ Տարիները կ'անցնին Արաքսի կը համբերէ տղուն քով երթալու համար։ Բայց արդեօ՞ք Արաքսի պիտի յաջողի իր նպատակը իրականացնել։
Պէրթա Կիւվէն ծնած է Պոլիս, թոռնուհին է 40-50 ական տարիներու թատերական բեմերու անզուգական դերասան Զարեհ Արշակեանին։ Ըլլալով թատերասէր ընտանիքի մը զաւակը` Պէրթա փոքրիկ հասակէն սկսեալ կը մտնէ թատերական մթնոլորտի մէջ, ուր բեմը շատ կը գրաւէ զինք։
Առաջին անգամ 19 տարեկանին բեմ բարձրացած է` «Դրամօժիտը պայման է» թատրերգութեան մէջ դեր կատարելով։ Աւելի վերջ դերասանուհին, դեր ստանձնելով, դարձեալ բեմ բեմ ելած է Երուանդ Օտեանի «Չարշըլը Արթին աղա» եւ Լեւոն Շանթի «Ճամբուն վրայ» թատրերգութիւններու մէջ, որոնք արժանացած են համայնքին բարձր գնահատանքին։
Պէրթա Կիւվէն շրջան մը բեմէ հեռու մնալէ վերջ, 2022ին Նիսի «Ֆրանսիս Կակ» թատերասրահի մէջ ներկայացուցած է Արտաւազդ Պէզիրճեանի «Ղուկասին կինը» թատերգութիւնը` ստանձնելով Լուսիկի յուզումնալից դերը։ Սոյն թատերգութիւնը տեսահոլովակի միջոցով ցուցադրուած է Պոլսոյ եւ Փարիզի մէջ եւ մեծ յաջողութիւն արձանագրած մշակութասէրներուն կողմէ։
2023 թուականին Պէրթա Կիւվէն կը կազմէ իր առաջին թատերախումբը եւ կը հիմնէ իր միութիւնը՝ Ա Զ Ա Թ «Ազնիւ Զարեհ Արշակեան Թատրոն» անուան տակ՝ նուիրուած հայ թատրոնին։
Ներկայացումի գիշերը, Նիս քաղաքի «Ֆրանսիս Կակ» թատերասրահի նստարանները բոլորովին գրաւուած էին Նիսահայ համայնքին թատերասէր անդամներուն կողմէ, որոնք հետաքրքրութեամբ հետեւեցան թատրերգութեան եւ ծրագիրի աւարտին բուռն ծափահարութիւններ բարձրացուցին` գնահատելով յաջողութեամբ ներկայացուած թատերախաղը։
Թատրերգութեան աւարտին տիկին Պէրթա խօսք առնելով ըսաւ, որ ինք եւ ԱԶԱԹ թատերախումբը պիտի շարունակեն ծառայել Հայ Թատրոնին, ձեռնարկելով նոր թատրերգական ծրագիրներուն։
Օշին Էլակէօզ Նիսէ
Comentários