Կրօնական, եկեղեցական եւ բարոյական նիւթերով զբաղող լուրջ մասնագէտներ կ՛անդրադարձնեն, որ Քրիստոնէութեան ամէնէն կարեւոր պատգամը կը խտանայ մէկ արտայայտութեան մէջ. անհատի «հոգեկան փոփոխութիւնը»: Ուրիշ խօսքով, անհատներու եւ ժողովուրդներու նոր շունչի կամ վերակենդանութեան իսկական բանալին մարդասիրութիւնն է, Հաւատքի գիտակցութիւնն է, կրօնական արժէքներու համոզումն է, հոգիի զարթօնքն է:
Այսօրուան ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունին լուրջ վտանգներ եւ տագնապներ: Պահ մը շուրջերնիս նայինք. հիւլէական եւ ա՛յլ զէնքերու սարսափը, քաղաքականութեան ստեղծած խռովութիւնները եւ պատերազմները, գիտարուեստի (technology) արագ զարգացումը եւ անոր բերած վնասները, որոշ երկիրներու մէջ սովը, մթնոլորտի ապականութիւնը, եւայլն: Այսպիսի վտանգներու դիմաց՝ երկիրներ եւ ղեկավարութիւններ անլրջօրէն կը շարունակեն մնալ անտարբեր:
Այդ երեւոյթները համայն մարդկութեան դէմ ծառացած լուրջ վտանգներ են, որոնց պէտք է միասնաբար հսկել: Մարդկութիւնը ամէնէն առաջ պէտք ունի կեանքը արժեւորելու գիտակցութեան, պէտք ունի Աստուծոյ երկիւղին, անոր համաձայն ապրելու եւ գործելու՝ նախ ի նպաստ իրեն, ապա նաեւ ընկերութեան եւ համայն մարդկութեան:
Այս հաստատումը կը կատարուի՝ դիտելով երկիրներու, ժողովուրդներու եւ մեծ ու փոքր պետութիւններուն զինական արշաւը, հակամարտութիւնները, պատերազմները եւ մարդկային զոհերը: Դիտեցէ՛ք համաշխարհային քաղաքականութեան քանդիչ շարժումները: Մարդն է մարդուն թշնամին: Մարդն է, որ մարդուն մէջ կը սպաննեն: Մարդկային փոխյարգանքի ազնիւ սկզբունքնները արժէքներն են, որոնք ոտնակոխ կ՛ըլլան եւ կը սպաննեն մարդ անհատը: Այսօր, համայն մարդկութիւնը կ՛ապրի քաղաքականացած աշխարհի մը մէջ եւ անոր մեծագոյն տագնապը մարդկային կեանքը արժեւորելու տագնապն է, «Սիրոյ» եւ փոխյարգանքի տագնապն է, բարոյական արժէքներու տագնապն է (moral values): Մարդկութիւնը պէտք է լրջօրէն զգաստանայ:
Բռնութիւնը եւ պատերազմը հեռու են Քրիստոնէական ուսուցումներէն: Քրիստոնէութիւնը իր շեշտը կը դնէ աշխարհի չարին յաղթելու, անհատներու եւ ժողովուրդներու միջեւ արդարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու վրայ: «Աշխարհի չարին պէտք է յաղթել»: Յիսուս Ինքը ըսաւ. «Քաջալերուեցէ՛ք, Ես յաղթեցի աշխարհին» (Յովհաննէս ԺԶ. 33): գ Աշխարհին կարելի է յաղթել՝ չարիքի դիմաց բարիք գործելով:
ա․ Աշխարհին կարելի է յաղթել՝ մարդոց ատելութեան դիմաց ՍԷՐ եւ Եղբայրութիւն սերմանելով:
բ․ Աշխարհին կարելի է յաղթել՝ միտքերու ու գործերու խաւարին դիմաց ԼՈՅՍ դառնալով:
գ․ Աշխարհին կարելի է յաղթել Յիսուս Քրիստոսի նմանելով: «Աշխարհին կը յաղթէ ան, որ կը հաւատայ թէ Յիսուս Աստուծոյ Որդին է» (Ա. Յովհաննէս Ե. 5):
Աստուած մեր վերջին յոյսը չէ, այլ ՄԻԱԿ ՅՈՅՍԸ:
Ամէնքս ալ վկաներն ենք ընկերութեան բարոյական կեանքի ընդհանրացող ապականութեան, վկաներն ենք պարկեշտութեան, բարութեան, փոխյարգանքի, եղբայրութեան եւ ազնուութեան ոտնակոխումին, վայրագութեան եւ ոճիրներու գործադրութեան... եւ յիշել, որ «Մարդս «Պատկերն է Աստուծոյ»: «Մոռցէ՛ք ձեր հին կեանքը եւ գործերը, պիտի ըսեր Պօղոս Առաքեալ, եւ նոր մարդ եղէ՛ք՝ ձեր Արարիչի պատկերին համաձայն նորոգուելով, որպէսզի Աստուած ճանչնաք» (Կողոսացի Գ. 8-10):
Մարդկութեան մէջ նստած ծանր խաւարը միշտ փորձած է մարել կամ մերժել Լոյսը: Մոռցած է, որ Լոյսը ճամբան է Կեանքին եւ Սիրոյ:
Յիսուս զգուշացուց մարդկային կեանքը խոցելու, ապականելու կամ սպաննելու ձգտող ընթացքներրէն: Ընկերային եւ քաղաքական խաւարին դէմ պէտք է պայքարիլ հոգեւոր, բարոյական եւ մարդկային ազնիւ ու մնայուն արժէքներով ու ձեւերով: Աշխատիլ մարդկային համերաշխ կեանքին եւ ընկերային խաղաղութեան համար:
Ասիկա պատգամն է համայն մարդկութեան ուղղուած:
Այս բոլորին կ՛անդրադառնանք, որովհետեւ տագնապը, որուն մէջ կ՛ապրինք, «Հոգեւոր Արժէքներ»ու տագնապն է, Հաւատքի տագնապն է:
Այսօրուան մարդուն կեանքին մէջ քիչ տեղ ունին Հոգեւոր արժէքները, թէեւ ամէնքս կը զգանք թէ մարդս միայն հացով չի՛ կշտանար, չի՛ բաւարարուիր, բայց նորէն կը թերանանք՝ ունենալու աւելի ազնիւը, վեհը, հարազատը եւ աւելի հոգեկանը: Մարդիկ քիչ ժամանակ ունին իրենց ներքին աշխարհը կամ հոգին կշտացնելու, առանց որուն մարդուս հոգին կը դառնայ անապատ եւ կը մնայ ծարաւի:
«Բարոյական» կեանքի համատարած տագնապն է, որուն մէջ կ՛ապրի այսօուան մարդկութիւնը: Մարդս իր բոլոր ազնիւ զգայարանքները փակեր է բարոյական արժէքներուն դիմաց՝ ձգտելով միայն ժամանակաւորին եւ նիւթական շահերու: Ազատամոլութիւնը եւ նիւթապաշտութիւնը մեծ դեր կը խաղան այս շարժումին մէջ: Այս մասին Յիսուս քանի՜ անգամներ անդրադարձած է՝ մարդկութիւնը հրաւիրելով սթափումի, մարդասիրութեան, եղբայրութեան, համերաշխութեան, իրարօգնութեան եւ բարեգործութեան:
Պէտք է լրջօրէն սթափիլ եւ գիտակցիլ այս իրականութեան: Մարդս կարիք ունի Հաւատքի եւ հոգեկան նոր զարթօնքի:
Մարդկային ընդհանուր տագնապներուն մէջ բարձր կը հնչէ մաքուր ձայնը արդարամիտ, գիտակից եւ Աստուծոյ երկիւղը ունեցող մարդոց, որոնք կը յաջողին ըլլալ գիտակցութեամբ ապրող տիպարներ: Ըլլալ աստուածավախ եւ ունենալ Աստուծոյ երկիւղը՝ կը նշանակէ չկորսնցնել Աստուծոյ ներկայութեան զգայնութիւնը եւ գիտակցութիւնը, չանտեսել Աստուծոյ բարձրագոյն Պատուիրանը՝ «Իրար սիրեցէք»ը: Նոյնիսկ հաւատքի նուազագոյն զգացում մը ուրիշին հանդէպ՝ բաւական է «Սէր» արտայայտելու. վիշտի մը սփոփանքը, արդարութեան քայլ մը, կարօտեալի մը ձեռք երկարումը կամ շիրիմի մը վրայ լուռ եւ մխիթարութիւն ներշնչող ներկայութիւն մը: Ասոնք եւ ասոնց նման շատ ուրիշ ազնիւ արարքներ՝ Քրիստոնէական եւ մարդկային սիրոյ առաքինութիւնը կը մատնանշեն: «Աստուածավախ ըլլալ» կը նշանակէ Հաւատքի գիտակցութիւն եւ հոգիի զօրութիւն ունենալ եւ չհեռանալ Աստուծոյ ներկայութենէն: Աստուածավախ, բարի եւ Աստուծոյ երկիւղ ունեցող մարդիկ, մարդկութեան եւ ընկերութեան ընդհանուր տագնապներուն մէջ, բարոյական իրենց մաքրութիւնը կ՛արտայայտեն ամէնօրեայ գիտակից կեանքի մէջէն, ցոյց տալով իրենց մարդկայնապաշտ (humanist) եւ մարդասէր ազնիւ դիմագիծը եւ այդ մարդկասիրութեան հայելիին մէջ կը փայլեցնեն «Աստուծոյ Պատկեր»ը ըլլալու մեծ պատիւը:
Քրիստոնէական կեանքին մէջ «բարիներ»ը եւ «պարկեշտները» անոնք են, որոնք «Աստուծոյ ճանապարհը» կը սորվին Տէր Յիսուս Քրիստոսէն (Մարկոս ԺԲ. 14), կը սորվին չխեղդուիլ նիւթական շահերու եւ արժէքներու աքցանին մէջ, այլ ապրիլ Աստուծոյ ցոյց տուած ճանապարհին մէջ, ապրիլ գիտակցութեամբ, սիրով, բարիք գործելով եւ ընկերութեան մէջ խաղաղութիւն հաստատելու աշխատանքներով. «Երանի՜ խաղաղարարներուն» ըսաւ Յիսուս, այսինքն՝ երանի՜ անոնց, որոնք ո՛չ միայն խաղաղ եւ խաղաղասէր են, այլ ընկերութեան մէջ կ՛աշխատին նաեւ «խաղաղութիւն» ստեղծել եւ այդպիսիները, կ՛ըսէ Յիսուս, «Աստուծոյ որդի պիտի կոչուին» (Մատթէոս Ե. 9):
Դաւիթ Մարգարէն «Երանի՜» կու տայ «Աստուածավախ» մարդոց, որոնք «Աստուծոյ ճամբաներուն կը հետեւին եւ անոր համաձայն կ՛ապրին. «Եթէ դուն այսպէս ապրիս, աշխատանքիդ արդիւնքը պիտի վայելես, երջանիկ պիտի ապրիս եւ բարի օրեր պիտի տեսնես» (Սաղմոս 127 [128], 12): Ուրիշ խօսքով, Աստուծոյ ճամբան կեանք է, որ մարդոց ամէնօրեայ կեանքը կը դարձնէ պտղաբեր.¬ «Քալեցէ՛ք իմ ճամբայէս, ... որպէսզի պտղաբեր ըլլայ ձեզի» (Երեմիա Մարգարէ Է. 23):
Պօղոս Առաքեալ կ՛ուզէ «Քրիստոսի Հոգին» ցոյց տալ մարդոց՝ երբ կ՛ըսէ.¬ «Իրարու հանդէպ գթասիրտ եղէք, եղէք ողորմած, քաղցր, խոնարհ, հեզ եւ համբերատար: Իրարու հանդէպ հանդուրժող եղէք եւ ներեցէ՛ք իրարու: ... Եւ այս բոլորին վրայ՝ աւելի սէր ունեցէք, որովհետեւ սէրը ամէն ինչի ամբողջացուցիչ շաղախն է: Ձեր հոգիներուն մէջ Քրիստոսի խաղաղութիւնը թող թագաւորէ, որովհետեւ Աստուած այդ խաղաղութեան կանչեց ձեզ» (Կողոսացի Գ. 12-15): Այսօրուան նիւթապաշտ ընկերութիւնը եւ քաղաքականութիւնը շատ հեռու են այս ճանապարհէն :
ՏԱՃԱՏ Ծ. ՎՐԴ. ԵԱՐՏԸՄԵԱՆ
Comments