top of page

Եկեղեցական Բառարան


Գեղատիպ հատորով լոյս տեսած է Արժանապատիւ Տէր Զենոբ Աւագ Քահանայ Նալպանտեանի «Ֆրանսերէն-Հայերէն-Անգլերէն Եկեղեցական Բառարան»-ը, որ կը բաղկանայ 1225 էջերէ եւ կը պարունակէ եկեղեցական, կրօնական, աստուածաբանական, ծիսական եւ դաւանաբանական բառեր, որոնք յոյժ օգտակար են ու գործնական եկեղեցականներու, մտաւորականներու, դպրեվանքի եւ համալսարանի ուսանողներու համար։ Վստահ ենք, որ աշխատութեամբ պիտի հետաքրքրուին նաեւ մեր ժողովուրդի բոլոր զաւակները անխտիր։ Լայնածաւալ բառարանը հեղինակը սկսած է դեռեւս իր ուսանողական տարիներուն (1965-1969), երբ իբրեւ պատանի ուսանող Սուրբ Էջմիածնի Հոգեւոր Ճեմարանի, յափշտակուած էր ֆրանսական հարուստ մշակոյթով։ Յաջորդական տարիներուն, ան տքնաջանօրէն աշխատած է գլուխ հանել նման կոթողային գործ մը՝ հակառակ բազում խոչընդոտներու։ Անտարակոյս, ան ընթացած է անկոխ ճանապարհներով՝ անվհատօրէն թիավարելով յորձանքն ի վեր։ Եկեղեցական բառերու հաւաքման համար, ան դիմած է հայ եւ օտար անթիւ աղբիւրներու։ Նման հայ բառարաններու պակասը մեր իրականութենէն ներս մեծապէս բարդացուցած է աշխատանքի հեզիկ ընթացքը։ Հեղինակը եկեղեցական բառարանը կազմած ատեն իրեն ուղեցոյց ունեցած է Émile Maximilien Paul Littré-ի « Dictionnaire de la Langue Française », ապա եւ՝« Dictionnaire de Théologie Catholique », « Dictionnaire de la Foi Chrétienne », մեծ հայագէտ, գաղղիագէտ եւ բնագրագէտ Նորայր Բիւզանդացիի (Néandre ou Norayr de Byzance) «Բառագիրք ի Գաղղիերէն Լեզուէ ի Հայերէն» ստուարածաւալ բառարանները, եւ այլ մեծածաւալ ու փոքրածաւալ աշխատութիւններ։ Բառարանին մէջ ֆրանսերէն բառեզրերու դիմաց զետեղուած են արմատը, փոխառութիւնը օտար լեզուէ, ապա եւ՝ հայերէն համապատասխան բառը եւ անգլերէն համարժէքը։ Տեղի համեմատ, բերուած են նաեւ ռուսերէն իմաստները բառերուն։ Բառարանը լի է օրինակներով, որոնք մեծաւ մասամբ քաղուած են Աստուածաշունչէն եւ այլ կրօնական գիրքերէ։ Ան իմաստաւորուած ու հարստացուած է մանաւանդ իր ծանօթագրութիւններով, ուր լայն բացատրութիւն տրուած է գրեթէ իւրաքանչիւր բառի մասին։ Այս ձեւով, պատմականը կատարուած է հայ բառին եւ տրուած Հայ Եկեղեցիին ծիսական սովորոյթը եւ դաւանաբանական դիրքը, եւ կամ՝ բառեզրին գործածութեան եղանակը։ Հետեւաբար, սովորական բառարան չէ կազմուածը, այլ իր տեսակին մէջ՝ համապարփակ ու եզակի։ Բառարանը չէ սահմանափակուած միայն քրիստոնէութեան պատկանող բառերով, այլեւ ընդգրկած է զանազան կրօններու բառեր, հասկացութիւններ. ան ներկայացուցած է բազմաստուածեան կրօններու բառեր ու բառակապակցութիւններ եւս, որպէսզի ընթերցողը կարենայ լաւագոյնս օգտուելով՝ իր մտահորիզոնը ընդարձակել եւ բառապաշարը հարստացնել։ Բառարանը ունի բառերու հնագոյն ձեւեր, որոնք անցեալին ունեցած են ուժականութիւն եւ դիմադրողականութիւն, սակայն ներկայիս, լրիւ դադրած են գործածութենէ. այսպիսիները փոխարինուած են նորերով՝ բառարանին բերելով թարմութիւն ու կենսունակութիւն։

Յարատեւ ճշդումներու, յաւելումներու, մշակումներու եւ փոփոխութիւններու ենթարկուելով, սոյն եկեղեցական բառարանը, տասնեակ տարիներու ընթացքին, համալրուած է նոր բառերով ու վառ օրինակներով։ Բառարանին կազմութեան իր անգնահատելի աջակցութիւնը բերած է հեղինակին կողակիցը՝ Երէցկին Յասմիկ Նալպանտեան, որ իր շինիչ խորհուրդներով ու իմաստուն թելադրութիւններով յարատեւ սատար հանդիսացած է անոր ճոխացման ու հարստացման։ Ես անձամբ մեծ հաճոյքով կատարած եմ բովանդակ բառարանին խմբագրական աշխատանքը։ Աւելորդ է հաստատել, որ չափազանց բարձր կը գնահատենք Տէր Զենոբի կարեւոր ներդրումը հայ բառարանագրութեան մէջ։ Տէր Հօր սէրը եւ ակնածանքը ֆրանսերէն լեզուի հանդէպ ակներեւ է, ինչ որ իրօք նախանձելի է։

Այս բարեբաստիկ առիթով մեր խորին շնորհակալութիւնը եւ շնորհաւորութիւնը կը յայտնենք հեղինակին՝ իր այս լուրջ աշխատանքին համար, եւ անոր կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ մեր գրական, ու մանաւանդ՝ բառարանագրական անդաստանէն ներս։

Դոկտ. Փրոֆ. Անժէլ Նալպանտեան Աւագ Դուստր

Յ. Գ. Բառարանը լոյս տեսած է սահմանափակ թիւով։ Օրինակի համար դիմել՝ zenobn@yahoo.com

Kommentare


bottom of page