top of page

Հանդիպում՝ հանդիպելո՞ւ համար, թէ՞... ՌՈՒԲԻՆԵԱՆ - ԳԸԼԸՃ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԱՆԱՐԴԻՒՆՔ ՄՆԱՑԻՆ .....


Հայաստանի ու Թուրքիոյ միջեւ հաշտութեան գործընթացի յատուկ բանագնացներ Ռուբէն Ռուբինեան ու Սէրտար Գըլըճ իրենց հինգերորդ հանդիպումը ունեցան, բայց այս անգամ եւս կարելի չէ խօսիլ յստակ որեւէ արդիւնքի մասին։ Առաջին անգամ ըլլալով երկու դիւանագէտներու հանդիպումը կայցաւ սահմանի՝ Մարգարվա-Ալիճան անցակէտին մօտ։ Բանակցութիւններու առաջին մասը տեղի ունեցաւ հայկական կողմի, իսկ օրուայ երկրորդ կիսուն՝ թրքական հատուածին մէջ։ 

Պաշտօնական լրատուութեան մէջ դիտել տրուեցաւ որ կողմերը վերահաստատեցին նախորդ հանդիպումներուն գոյացած համաձայնութիւնները։  

Բացի ատկէ, անոնք որոշեցին տարածքաշրջանային զարգացումներուն համապատասխան արժեւորել թեքնիքական կարիքները, որոնք կարելիութիւն կը ստեղծեն բանալու Ախուրիկ-Ագեաքա երկաթուղիի սահմանային անցակէտը, ինչպէս նաեւ փոխադարձաբար դիւրացնելու մուտքի արտօնութեան ընթացակարգերը դիւանագիտական-պաշտօնական անցագրեր ունեցողներուն համար։ 

Աւարտին անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են երկխօսութիւնը առանց որեւէ նախապայմանի շարունակելու՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման վերջնական նպատակին հասնելու համար։ 

Թէեւ Ռուբինեան բանակցութիւնները բնորոշեց «լաւ հանդիպում էր» ըսելով, իսկ Գըլըճ «շինիչ» որակեց զայն, այնուհանդերձ դրական ոչի՛նչ կայ ըսելիք այս հինգերորդ հանդիպման մասին եւս։ Երկու բանագնացները վերջին անգամ հանդիպում մը ունեցած էին երկու տարի առաջ Յուլիսին, Վիեննայի մէջ. հոն որոշուած էր որ ցամաքային սահմանը պիտի բացուէր դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու եւ երրորդ երկիրներու հպատակներու համար՝ ամենասեղմ ժամկէտներու մէջ։ 

Երկու տարի անցաւ այդ օրէն եւ Ռուբէն Ռուբինեան քանի մը շաբաթ առաջ յայտարարեց որ Անգարա որեւէ քայլ չ'առներ։ 

Երէկուայ հանդիպումը եւս չտուաւ հարցումներու պատասխանը. պիտի բացուի՞ արդեօք հայ-թրքական սահմանը, ե՞րբ պիտի ըլլայ այդ մէկը, ինչպէ՞ս եւ ի՞նչ ընթացակարգով։ 

Ուշագրաւ է որ Ռուբինեան ու Գըլըճ երէկ նոր համաձայնութիւններու մասին խօսեցան, առանց յստակացնելու վերոյիշեալ հարցերու պատասխանը։ Գալով նոր համաձայնութեան՝ Ախուրիկ-Աքեագա երկաթուղին վերագործարկելու մասին, նշենք որ Ախուրիկը Կիւմրիէն դէպի Կարս տանող երկաթուղիի սահմանային հատուածին մէջ է։ Այս երկաթգիծէն վերջին անգամ 1993ին երկու երկաթուղի անցած է Մայիսի առաջին օրերուն, յետոյ սահմանը փակուած է։ Անցնող 30 տարիները միայն երկաթուղիի ժանգի շերը հաստացուցած են, երկաթուղին փտած է ու քայքայուած, բայց յուշերը դեռ թարմ են։ 

Ախուրիկի բնակիչները կը յիշեն որ 1989էն սկսեալ երկաթուղին կ'աշխատէր։ Սկիզբը միակ վակոն մը կը գործէր, յետոյ ուղեւորներու թիւը աւելցաւ, վակոններու թիւը եւս։ 1991-1992 թուականներուն արդէն 8-9 վակոնով երկաթուղի կը բանէր, բացի ատկէ բեռնափոխադրումներու տարողութիւնը եւս հասած էր մօտաւորապէս 150 հազար թոնի։ 

  * Ի՞նչ կ'ըսեն թուրք եւ ատրպէյճանցի վերլուծաբանները։

Մարմարա

Comments


bottom of page