ՄԵԹՐՈՅԻՆ ՀԱՅԵՐԷՆԸ՝ ԸՆԴՈՒՂԻ՞
- gumruyan
- Mar 28
- 2 min read

Հայերէնի դասընթացքի մը ընթացքին հարցուեցաւ, թէ ի՞նչ է արդեօք մեթրոյին (metro) հայերէնը։ Բնաւ չէի մտածած նախապէս, քանի որ սովորաբար մեթրօ կ’ըսեմ, ինչպէս շատեր։ Հետեւաբար փորձեցի աշակերտներուս հետ միասնական աշխատանք մը վարելով հասնիլ արդիւնքի մը ու գտնել յարմարագոյն բառը այս փոխադրամիջոցին համար, որ վերջին շրջաններուն բաւական մը մուտք գործեց մեր առօրեայէն ներս։
Արդիական նման բառերու թարգմանութեան ժամանակ առհասարակ կը նախընտրեմ օգտուիլ հայերէնին բառամթերքը հարստացնելու կոչուած գլխաւոր աղբիւրէն՝ բառապատճէնումէն, որ բառաստեղծման տարածուն միջոց մը եղած է նաեւ միջնադարուն։ Եւ կամ կը նայիմ, թէ բառը ինչպէս կը գործածուի Հայաստանի մէջ, ուր ռուսերէն ասոյթներու առընթեր կան մաքուր հայերէնով բառեր նաեւ՝ գործածականութեան զարմանալի ժողովրդականութիւն մը վայելող։
Երեւանի մէջ 1980-էն ի վեր մեթրօ գոյութիւն ունի։ Բայց հայերէն բառ մը ստեղծուած չէ եւ, ինչպէս շատ մը երկիրներու մէջ, կը կոչուի «մեթրոփոլիթեն»։ Այս բառն ալ ԺԵ դարուն սկսած է գործածուիլ նախ լատիներէնի մէջ՝ բնորոշելու համար քաղաքի մը գլխաւոր եպիսկոպոսը (մետրոպոլիտ)։ Իսկ ԺԶ դարուն, անգլերէնի մէջ ձեռք բերած է գրեթէ այսօրուան իմաստը, որ է՝ մեծ քաղաքին պատկանող։ Թէ ե՞րբ բառը վերածուած է փոխադրամիջոցի մը յատուկ անունին, դժուար պիտի չըլլայ կռահել. Ի. դարու սկիզբին, ֆրանսացիք Փարիզի հռչակաւոր մեթրօն կոչած են՝ Chemin de fer Métropolitain (Մեծ քաղաքի երկաթուղի)։
Մեթրոյի հայերէնին անկարելի պիտի ըլլար ուրեմն հասնիլ Հայաստանի վրայով կամ փոխադրամիջոցի կնքահայրը եղող ֆրանսերէն բնօրինակը պատճէնելով։ Յիշեցինք, որ գոյութիւն ունի նաեւ բաւական գործածական անգլերէն բառ մը՝ subway։ Կրնայի՞նք արդեօք պատճէնել այս մէկը. չէ՞ որ նոյն նախածանցով գոյութիւն ունեցող այլ բառ մը անցեալին հայերէնը պատճէնած էր անգլերէնէն՝ submarine-ը թարգմանելով ընդծովեայ։ Ուրեմն, sub-ը թող շարունակէ համապատասխանել ընդ- նախածանցին, իսկ way-ն ալ ըլլայ ուղի։ Եւ կ’ունենանք ընդուղի բառը, որպէս հայերէնը մեթրոյի։
Հայերէն այլ բառեր ալ առաջարկուած են մէթրոյին համար՝ զոր օրինակ գետնուղին կամ գետնանցքը, որոնք աւելի ստորգետնեայ միջանցքներու, ճամբաներու տպաւորութիւն մը կու տան լսողին կամ ընթերցողին։
Անշուշտ, չեմ կրնար գիտնալ, թէ ընդուղին ի՞նչ տպաւորութիւն կրնայ ստեղծել, սակայն սա ալ առաջարկ մըն է, որու ճակատագիրը այսու կը յանձնեմ գրողներու եւ խօսողներու կամքին։
Comments