top of page

Ս.Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի մէկ օրը


Շաբաթ 19 Հոկտեմբերին, Ս.Պետրոս Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանին համար ցնծութեան առաւօտ էր: Օրհնութեամբ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ, գերաշնորհ Տէր Յովնան արքեպիսկոպոս Տէրտէրեանի, վարժարանս այցելեցին Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ, հոգեշնորհ Տէր Երեմիա վարդապետ Աբգարեանը, ընկերակցութեամբ թեմի Շաբաթօրեայ վարժարաններու հոգեւոր տեսուչ, բարեշնորհ Յովհաննէս սարկաւագ Գումրույանի:

2024-2025 կրթական տարեշրջանի այս առաջին պաշտօնական այցելութիւնն առիթ ընծայեց տնօրէնութեան, ուսուցչակազմի եւ հոգեւոր այցելուներու փոխադարձ ծանօթացման եւ մտերմիկ զրոյցներու: Հիւրերը ներկայացած էին մօտէն իրազեկ դառնալու վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցիչներու բազմատեսակ գործունէութեան: Ս.Պետրոս շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրէնութեան ողջոյնի խօսքէն ետք, հիւրերը ծանօթացան ծնողա-օժանդակ մարմնի անդամներուն հետ, ապա տնօրէնութեան առաջնորդութեամբ շրջեցան դասարանները եւ ականատես եղան ընթացիկ գործունէութեան՝ մայրենի լեզուի դասեր, երգ-երաժշտութեան ժամ եւ հայկական ժողովրդական պարի դասապահի: Իրենց գօտեպնդիչ խօսքերով, հիւրերը ոգեւորեցին աշակերտները՝ զանոնք խրախուսելով, սիրելով սորվիլ իրենց մայրենի լեզուն եւ հպարտ զգալ իրենց վեց հազարամեայ հայկական ինքնութեամբ:

Այս առթիւ անոնք աւետեցին, որ այս տարեշրջանէն սկսեալ Առաջնորդարանէն ներս գործող «Փոքրիկ Հրեշտակներ» վարժարանի ընդմէջէն, վաւերական ճանաչում ստացած է Արեւմտեան Ամերիկայի վարկաւորման Յանձնաժողովի (WASC-ի) կողմէ եւ շրջանաւարտ աշակերտները պիտի ստանան պետութեան կողմէ վարկաւորուած եւ վաւերացուած վկայական:

Կարճատեւ այցելութիւնը խթան եղաւ հայեցի դաստիարակութեան յանձնառութիւնն ստանձնած ուսուցչակազմին, որոնցմէ ոմանք թեւակոխած են իրենց առաքելութեան 4-րդ տասնամեակը:

Սերտ համագործակցութեան եւ ապագային վերստին հանդիպելու հեռանկարով, այցելուները հրաժեշտ տուին Սան Ֆերնանտօ Հովիտի ծաղկուն ու հայաշատ գաղութի կենսունակ օճախին՝ Սուրբ Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանին:


Ծովինար Ղազարեան

Ս.Պետրոս եկեղեցւոյ շաբաթօրեայ վարժարանի տնօրեն

Comments


bottom of page