
Կար ժամանակ, երբ սփիւռքի տարածքին լոյս կ'ընծայուէին աւելի քան 15 հայատառ օրաթերթեր։ Պատկերը այդպէս էր գո՛նէ մինչեւ 80-ականներու վերջերը կամ 90-ականներու կէսերը։
Այդ օրաթերթերը ունէին իրենց հաւատարիմ աշխատակիցներն ու նո՛յնքան հաւատարիմ ընթերցողները, որոնք պատկառելի թիւ մը կը ներկայացնէին։ Օրինակ, Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթին տպաքանակը 5000-ի շուրջ եղած է։
Քանի սահեցան տասնամեակները, հայախօսութեան նահանջին ու հայերէն ընթերցումի չքացումին զուգահեռ՝ թուլցան ու տկարանալ սկսան նաեւ մեր օրաթերթերը։ Նախ բաժանորդներու թիւը հետզհետէ պակսեցաւ։ Յետոյ՝ հին շրջաններու որակաւոր աշխատակիցները մի առ մի հեռացան այս աշխարհէն, ինչ որ ստիպողաբար մղեց թերթերը իրենց սիւնակները լեցնելու արտատպումներով (ոչ անպայման ճաշակաւոր ու պիտանի նիւթերու ընտրութեամբ…)։ Մեր շուրջ չմնացին նաեւ հմուտ ու հայկաբան խմբագիրներ ալ, հետեւաբար տուժեց թերթին բովանդակութիւնը։ Լեզուն կորսնցուց իր փայլքը, սխալագրութիւնները լա՜յն չափերով ողողեցին թերթերուն էջերը… Այսօր շատ անխնամ ու որձեւէգ արեւմտահայերէն մըն է, որ կը տիրապետէ սփիւռքեան մեր մամուլին վրայ։
Միւս կողմէ՝ տնտեսական նեղութիւնները եւս սկսան սպառնալ հայ թերթերու գոյութեան։ Առեւտրական ու ազգային բնոյթի ծանուցումները նուազեցան։ Այս բոլորին որպէս հետեւանք, բնականաբար, մեր օրաթերթերէն շատեր կա՛մ շաբաթաթերթի վերածուեցան ակամայ, կա՛մ ալ վերջնականապէս փակեցին իրենց խմբագրատուներուն դռները…
Ուշագրաւ օրինակ մը տուած ըլլալու համար ըսենք, որ 2002-2012-ի տասնամեակի ընթացքին Փարիզի ստուարաթիւ հայութեան սառն հայեացքին առջեւ իրերայաջորդ կերպով դադրեցան տեղական երեք հայերէն թերթեր՝ 17-ամեայ «Կամք» օրաթերթը, 84-ամեայ «Յառաջ» օրաթերթը եւ 52-ամեայ «Աշխարհ» շաբաթաթերթը։
Այսօր ամբողջ սփիւռքի տարածքին լոյս կը տեսնեն լոկ 4 հայատառ օրաթերթեր՝ դասական տպագիր ձեւով (թուղթի վրայ)։ Կան քանի մը նախկին օրաթերթեր, որոնք կա՛մ կրճատած են իրենց պարբերականութիւնը, կա՛մ ալ կ’երեւին լոկ համացանցային «օնլայն» դրութեամբ։ Թղթային տպագրութիւն չունին, կամ եթէ ունին, ամէնօրեայ դրութեամբ չէ։
Պատնէշի վրայ մնացող 4 օրաթերթերն են՝ Պէյրութի «Ազդակ»-ը, Պոլսոյ «Ժամանակ»-ն ու «Մարմարա»-ն եւ Թեհրանի «Ալիք»-ը։ Բարեբախտաբար այս ցանկին վրայ կրնանք աւելցնել աւելի մեծ թիւ մը երկօրեաներու (օրինակ՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»-ը եւ Պէյրութի «Արարատ»-ը), ու՝ շաբաթաթերթերու, որոնք տարբեր գաղութներու մէջ կը ջանան հայ գիրը ապրեցնել հայ մարդոց շրթներուն վրայ կամ հոգիին խորը՝ թիավարելով հոսանքն ի վեր…...։
Մեր թերթերը, գրեթէ բոլորն ալ, ունին իրենց կայքէջերը ու ձրիաբար կը սպասարկեն հայ ընթերցողին՝ առանց դոյզն ակնկալութեան։ Եւ սակայն… հայորդիներու (մա՛նաւանդ երիտասարդ խաւի) ջախջախիչ տոկոսը չի հետաքրքրուիր այս կայքէջերով, պահանջ չի զգար հայ բարբառով լուր կամ յօդուած կարդալու։ Ախտաճանաչումի կարօտ երեւոյթ է այս։
Կար ժամանակ, երբ նշանաբանի վերածուած էր «Հայ թերթը ընկերն է հայ տան» արտայայտութիւնը։ Մեր ետի՛ն մնացին այդ երջանիկ օրերը։ Այսօր հայ մարդը, հայ համալսարանականը կամ հայ ուսանողը հայերէն թերթ կարդալէ կը խուսափի, որովհետեւ ՀԵԶԱՍԱՀ ԿԱՐԴԱԼ ՉԻ ԿՐՆԱՐ, հայերէն ընթերցումի լուրջ դժուարութիւններ ունի։ Այո՛, թերեւս հայկական վարժարանէ մը շրջանաւարտ է ան, հայախօս է, սակայն ընթերցումի մշակոյթը չէ ցանուած իր մէջ, կամ գուցէ հրապուրիչ ու շահեկան չի գտներ հայաշխարհի լուրերը, կամ… ժամանակ չունի եւ այլն, եւ այլն։
Փա՜ռք Տիրոջ, որ տակաւին կանգուն են մեր լրագրերէն շատեր, ոմանք՝ 80, 90, 100 ու մինչեւ իսկ 125 տարեկան։ Գուրգուրանք անոնց վրայ։
Դուք անոնցմէ մէկն ու մէկը կը կարդա՞ք ամէն օր։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Comments