top of page

ՏԷՐՈՒՆԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔԸ ՀԱՅԵՐԷՆԻ ԲԱՐԲԱՌՆԵՐՈՎ

Եդուարդ Սարնունի իր «Քեսպընուօկ – Քեսապի բարբառ»ը կայքին մէջ զետեղած էր «Հայր Մերը» Քեսապի բարբառով, նոյն տեղը Վահան Մանճիկեան աւելցուցած էր նաեւ իր տարբերակը։ Աղբիւր չեն յիշեր․ շատ հաւանաբար իրենց հարազատ տարեցներէն կատարուած արձանագրութիւններ ըլլալու են։ Ողջունելի հրապարակումներ են։

ԺԹ, դարուն, Աստուածաշունչի աշխարհաբար թարգմանութենէն ետք մեր մէջ կ՛երեւին Ս․ գրային նիւթերու թարգմանութիւնները բարբառով։ Օրինակ, սեղանիս վրայ հիմա կայ Մատթէոսի Աւետարանի թարգմանութիւնը Զէյթունի բարբառով, Պոլիս 1913։ Հայ մամուլը, յատկապէս Գարեգին Սրուանձտեանցի աշխատութւններէն ետք կը սկսի կամաց-կամաց հետաքրքրուիլ հայաբնակ գաւառներով եւ անդ գործածուող հայերէն բարբառներով։ Թղթակիցը քանի մը տող կը գրէ այդ հեռաւոր բնակավայրի մասին եւ կու տայ տեղւոյն խօսուածքէն օրինակներ՝ հեքիաթ, առակ, առած, ասացուածք, հանելուկ եւ մանաւանդ «Հայր Մերը» տեղւոյն բարբառով։

Ըսենք նաեւ, որ Ս․ գրային նիւթերու թուրքերէն, աշխարհաբար հայերէն եւ բարբառ թարգմանութիւնները անհրաժեշտաբար կը կատարուէին նաեւ քահանայ հայրերու կողմէ։ Թրքախօս եւ բարբառախօս միջավայրի մէջ ատիկա պահանջք ալ կրնար ըլլալ։ Տարեց քեսապցիները մինչեւ հիմա ալ կը յիշեն Տէր Պետրոս քահանային բարբառով կատարած աղօթքները։

Այսուհանդերձ՝ Հայ եկեղեցին պաշտօնապէս կը մերժէ այս երեւոյթը։ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Արտաւազդ արք․ Սիւրմէեան 6 Ապրիլ 1936 թուակիր թիւ 1 որոշմնագիրով կը հրահանգէ․ «Ներկայ Առաջնորդական Պաշտօնագրով վերջին անգամ ըլլալով եւ կարեւորութեամբ կ’ազդարարենք, որ այսօրուընէ սկսեալ բացարձակապէս արգիլուած է Հայ Եկեղեցւոյ մէջ, ըլլա՛յ Քահանայ Հայրերու կողմէ, ըլլա՛յ հիւր Վարդապետ կամ Աբեղայ կամ Քահանաներու կողմէ, ըլլա՛յ Սարկաւագ կամ Աւագ Սարկաւագներու կողմէ, ըլլա՛յ հրամանաւ Ուրարակրի կողմէ, ըլլա՛յ Դպրապետի կամ Դպրաց Դասու ոեւէ անհատի կողմէ, թուրքերէն լեզուաւ կամ աշխարհաբար լեզուաւ, ըլլա՛յ ուղղակի, ըլլա՛յ անուղղակի, գրաբար բնագրին վրայէն կարդալ աշխարհաբար կամ թուրքերէն»։

Առաջնորդը հոս «աշխարհաբար» բառով նկատի ունի նաեւ բարբառները։

Սա ալ ըսենք, որ գրական արեւմտահայերէնի տարածումին հետ բարբառով «Հայր մեր»ի նշանակութիւնը գործնական իմաստով կը դադրի, բայց կը մնայ բարբառասէրներու հետաքրքրութեան առարկան։

Ստորեւ "Հայր մեր"ը կը ներկայացնեմ Քեսապի եւ Արամոյի բարբառներով։ Ասոնք այդ բարբառներով կատարուած առաջին արձանագրութիւններն են։

1.- Սսական Վարդ., «Լեզուաբանական – Անտիոքայ Քէսապ գիւղի հայոց լեզուով ըսուած «Հայր մեր»ը», Բիւրակն, ԺԸ. տարի, 12 Դեկտեմբեր 1900, թիւ 46, էջ 731։ Մեզի ծանօթ չէ Սսական վարդապետին ինքնութիւնը, յայտնապէս՝ ան Սիսի կաթողիկոսարանի հայրերէն մէկն է, կրնայ եւ քեսապցի չըլլալ․ արձանագրութեան մէջ կ՛երեւին Քեսապի բարբառին արդի պատկերին ոչ յարիր քանի մը պարագաներ։

2.- Արամոյի բարբառով կը հանդիպինք երկու նիւթի, մէկը՝ «Բերիոյ թղթակից», իսկ միւսը՝ «Այծեամ» ստորագրութեամբ։ Առաջինը գրաբար երեք աղօթքներէ քաղուած 8 տողանի վերածում մըն է, զոր կու տայ Բերիոյ Թղթակիցը՝ Արսէն քահանայ Յարութիւնեան (տե՛ս «Կիլիկեան մոռցուած անկիւններ», Արեւելեան Մամուլ, 1906, էջ 1203), իսկ երկրորդը՝ Այծեամն, «Թղթակցութիւն – Նմոյշ մը Արամո գիւղին հայ լեզուէն», Հանդէս ամսօրեայ, ԻԱ տարի, 1 Յունուար 1907, էջ 27. Հոս թարգմանաբար կը տրուի «Հայր մեր»ը եւ հատուած մը սաղմոսերգուէն՝ «Սաղմոս եւ մաղթանք»։

Այս հրապարակումներով փաստօրէն յայտնի կը դառնան Օսմանեան կայսրութեան մէջ մեր ծայր հարաւ-արեւմտեան շրջանակներու՝ Քեսապի եւ Արամոյի բարբառները։

Յակոբ Չոլաքեան

Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page