top of page

«Փեթակ» դպրոցը վառեց գարնան կրակը

Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Փեթակ շաբաթօրեայ դպրոցը 15 Փետրուար 2025, Շաբաթ օր մեծ խանդավառութեամբ տօնեց Տեառնընդառաջի եւ Տրնդեզի կրկնակ տօները:

Եկաւ Փետրուարը եւ «Փեթակ» դպրոցը անգամ մը եւս վառեց գարնան կրակը: 15 Փետրուար 2025, Շաբաթ առտու դպրոցի աշակերտները, ծնողները եւ դպրոցի աւանդութիւններուն արդէն ծանօթ տասնեակ մը հիւրեր ուրախութեամբ սկսան եկեղեցւոյ բակի մէջ հաւաքուիլ: Անոնք կու գային ջերմացնող գարունը եւ Յիսուս Քրիստոսի լոյսը դիմաւորելու:

Օրուան յայտագիրը սկսաւ եկեղեցւոյ մէջ: Աշակերտները մոմեր վառեցին, ապա ուսուցչուհի Ազնիւ Սէրայտարեանի պարզ եւ մանուկներուն մատչելի լեզուով լսեցին Տեառնընդառաջի պատմութիւնը: Աշակերտները, որոնք մերթ ընթ մերթ կը դիտէին գունաւոր պատուհաններէ ներս թափանցող լոյսի շողերը, արդէն կը հասկնային եւ իրենց մանկիկ հոգիներուն մէջ կը զգային, թէ ի՛նչպէս Յիսուսը լոյս կը տարածէր աշխարհին եւ փրկութեան յոյս կ’ըլլար մարդկութեան:

Ապա սկսաւ յայտագիրի աւանդական եւ աշխարհիկ բաժինը: Դպրոցի լայն բակի մէջ բոլորն արդէն անհամբեր կը սպասէին կրակի շուրջ իրենց խաղը կատարելու: Դպրոցի տնօրէն Նորայր Տատուրեանը բարի գալուստի խօսք մը ուղղեց ներկաներուն: Ան բացատրեց, թէ հայկական դպրոցի պաշտօններէն մէկն է տոհմիկ աւանդութիւնները վառ պահել, ինչպէս՝ Տրնդեզի կրակը: «Մենք, ըսաւ ան, կրակը չէ որ կը պաշտենք, այլ՝ մեր անցեալը եւ մեր մշակութային ինքնութիւնը»: Ն. Տատուրեան նաեւ ներկայացուց Պլէյր դպրոցի Հայկական ճեմարանի պարախումբը, որ հիւրաբար եկած էր պարեր ներկայացնելու: Ն. Տատուրեան նաեւ մեկնաբանեց այդ պարերէն Փափուրին. «Փափուրի պարը մեր հնագոյն պարերէն է: Ան չարխափան պար է: Զայն կը պարենք բացասական ոյժերը հեռացնելու համար: Պարին յատուկ է ոտքի հարուածները: Գիտենք, թէ չարը երբեմն իր տգեղ գլուխը դուրս կը հանէ իր ստորերկրեայ աշխարհէն ու կը փորձէ մեր խաղաղ կեանքը խանգարել: Մեր նախնիները դաշտերու մէջ պարեր են փափուրին, որպէսզի իրենց ոտքի հարուածներով վանեն չարը՝ ան վերադառնայ իր մութ վիհներուն: Մեր հիները հաւատացեր են նաեւ, թէ կրակի շնորհիւ պիտի երթայ հինն ու չարը, պիտի գայ նորն ու բարին:

Ապա դպրոցի կամաւորուհիներէն Էլեն Վարդանեանը բոլորին ցոյց տուաւ Փափուրի պարի շարժումները, ապա ամբողջ դպրոցը մեծ շրջանակ մը կազմած՝ կատարեց մեծ Փափուրին:

Հայկական Ճեմարանի պարախումբը Փաթիլ եւ Սինթիա Ալպարեան քոյրերու ուղեկցութեամբ ներկայացուց ազգային պարեր: Շնորհալի աշակերտներու եռանդուն պարերը արժանացան բոլորի ծափահարութիւններուն եւ ջերմ գնահատանքին:

Ապա եկաւ բոլորին անհամբեր սպասած պահը: Աշակերտները, ծնողները, մեծ հայրերը եւ մեծ մայրերը ձեռք ձեռքի բռնած ցատկեցին կրակի վրայէն: Աւելի համարձակ աշակերտները ցոյց տուին նաեւ կրակի վրայ դարձդարձիկ շարժումներ կատարելու իրենց վարպետութիւնը:

Աշակերտները քաջ ծանօթ էին տօնի խորհուրդին, հնութեան, ինչպէս նաեւ անոր հոգեւոր եւ աշխարհիկ բաղադրիչներուն: Այդ դաստիարակութիւնը դպրոցի ուսուցիչներու՝ Օր. Մարալի, Օր. Անիի եւ Օր. Ազնիւի հայրենախնդիր յատուկ եւ գիտակից աշխատանքի շնորհիւ էր:

«Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցը հայկական աւանդութիւնները վառ պահելով իր սաներուն կը ներշնչէ հայկական ինքնութիւնը: Դպրոցը կը հաւատայ, թէ գիր ու գրականութեան քով հայկական հանդէսները տոհմիկ դրոշմ կը ձգէ հոգիներուն մէջ կը կը կերտէ ազնիւ հայորդիներ: Դպրոցը կը ծառայէ 3-13 տարեկաններուն: Արձանագրութիւնը միշտ բաց է: Դիմելու համար հեռ.՝ 626 660 9443, կամ Ս. Գրիգոր Լուս. Եկեղեցւոյ գրասենեակ, Փասատենա:


Թղթակցութիւնը դպրոցէն



Comments


© 2023 by HAYLURUSA

Website by

self logo.png
bottom of page