21 Սեպտեմբերի, 2024 թ․, շաբաթ օր, Քալիֆորնիոյ Փասատենա քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Փեթակ» շաբաթօրեայ դպրոցն իր աշակերնտերով, ծնողներով եւ հիւրերով տօնեց Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 33 ամեակը:
Ամենամեայ այս տօնակատարութիւնը սկսաւ մանկապարտէզի սանիկներու՝ որպէս հայրենիքի փոքրիկ պաշտպաններ, համաչափ քայլերով սրահ մուտքով: Ապա բոլոր ներկաները յոտնկայս երգեցին Հայաստանի քայլերգը: Բ. դասարանի աշակերտներ Արէն, Սանահին, Նիքըլըս եւ Արեւն իրենց քաղցրիկ եւ ցնծուն ձայնով արտասանեցին «Մեր անուշիկ Հայաստան» ոտանաւորը եւ ըսին. «Սէգ սարերդ կը սիրենք / Օդդ ու ջուրդ կը սիրենք / Քաղցրիկ սիրով մանկական / Մեր անուշիկ Հայաստան»: Աւագ դասարանի երկու աշակերտուհիներ, Քէյլա եւ Օտէթ, արտասանեցին Պարոյր Սեւակի «Իմ Հայաստան» բանաստեղծութիւնը եւ վեհաձայն գոչեցին. «Իմ քաղցրանուն, / Իմ բարձրանուն, / Իմ տառապած, / Իմ փառապանծ… / Սրի պատեան, / Սիրոյ մատեան՝ / Միշտ հին ու նոր իմ Հայաստան»:
Յայտագիրն ունէր դաստիարակչական բաժին մը: Աշակերտները դիտեցին անկախութիւնը խորհրդանշող՝ բծախնդրութեամբ ընտրուած լուսանկաներ, ինչպէս անկախ Հայաստանի զինանշանը, դրոշակը, Ազգային Ժողովը եւ պետականութեան այլ նշանները, մինչ լեսցին իրենց տարիքին յարմար բացատրութիւններ: Ապա, աշակերտները բեմ բարձրացան եւ դաշնակահարուհի Էլմիրա Սիմոնեանի նուագացութեամբ երգեցին «Անուշ հայրենիք» եւ «Հայերէն երգենք» երգերը:
Յայտագիրն աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով:
Որպէս քաղցր հրաժեշտ՝ ներկաները վայելեցին անկախութեան թեմայով ձեւաւորուած կարկանդակէ կտոր մը:
Այս տարի WASC-ի կողմէ վարկաւորուած «Փեթակ» դպրոցը, վայելելով Արեւմտեան թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տ. Յովնան արք. Տէրտէրեանի օրհնութիւնը եւ հովանաւորութիւնը, բոլոր տարիքի եւ լեզուական ամէն մակարդակի հայորդիներուն կու տայ հայեցի դաստիարակութիւն: Լեզուի դասերուն զուգահեռ ան ունի թատրոնի, երգի եւ պարի յատուկ ժամեր: Դպրոցի նպատակն է, ընտանեկան ջերմ միջավայրի մէջ հայ աշակերտին ազգային եւ հոգեւոր ինքնութիւն տալ: Արձանագրութեան եւ յաւելեալ տեղեկութեան համար դիմել՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցի. (626) 449-1523, կամ՝ saturdayschool@stgpas.com :
Նորայր Տատուրեան
Comments